2012-06-28 11:29:25

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Դասերու Քարտուղարներու Հաւաքը Էտիմպուրկի Մէջ` Խորհրդածութիւն <<Նոր Աւետարանութիւն>> Նիւթին մասին։


Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասերու ընդհանուր քարտուղարները իրենց 40-րդ հաւաքը կը գումարեն Էտիմպուրկին մէջ յունիս 29 - յուլիս` 2։
Իրենց հանդիպումին ընթացքին Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Դասերու Քարտուղարները իրենց խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնեն հաւատքի վկայութեան` քաղաքական, մշակոյթի, օրէնսդրութեան ու հանրային կարծիքի կեանքէն ներս։Անոնք նոյնպէս պիտի շօշափեն Եկեղեցւոյ ֆինանսաւորումի, համամիութեան ու ծիսական գիրքերու թարգմանութեան հարցերը։ Աշխատանքները պիտի գլխաւորէ Սքովտիայի գահերէց կարտինալ Օ'պրայն։
Կիրակի 1 յուլիսի կէսօրին վերոյիշեալ Ժողովի մասնակցողները Էտիմպուրկի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնկացին Սուրբ Պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.